ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ
Կիրակի, 13 Ապրիլ 1975 թուականին, երբ ծայր առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ոչ ոք, նոյնիսկ ամենայոռետես անձը չէր կարող երեւակայել, որ այդ երկարելու էր ամբողջ տասն եւ հինգ տարի եւ աւարտելու էր 13 Հոկտեմբեր 1990 թուականին։
♦♦♦
Ամենուրէք հրացանաձգութիւն, կոյր ռմբակոծում (ոչ կոյր ռմբակոծումը ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ), ինքնաթուղթի վրայ առեւանգում, ապա … սպանութիւն եւ քանդում. ու այս ամէնը ոչ թէ երկրի սահմաններու երկայնքին կամ ճակատներու վրայ, այլ քաղաքներու եւ բնակարանային շրջաններու մէջ։
♦♦♦
Եւ … սկսաւ պահակութեան դրութիւնը, ըլլայ ակումբներու մէջ թէ դուրս, ըլլայ հայահոծ թաղերուն մէջ, թէ հայկական ազգային հաստատութիւններու շուրջ։ Առաջին անգամ ըլլալով մենք տեսանք քալաշնիքով-ը, որ իրավամբ մեզ համար դարձաւ գնդացիրներու «հայրը»։ Տարիքը նշանակութիւն չունէր այլեւս. կ՛ապրէին անոնք, առանց Հայաստանը տեսած ըլլալու, հաւատալով, որ Հայաստանասլաց սուրբ գործ կ՛ընէին։ Ունեցանք նահատակներ, որոնք ինկան հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան մարտերու ընթացքին. քանիներ ինկան Հայաստանի պաշտելի եռագոյն դրօշը ձեռքին։ Եւ երբ Հայաստանէն ու Արցախէն եկաւ կանչը, արդէն իսկ Լիբանանի պատերազմի հնոցին մէջ թրծուած Լիբանանահայ երիտասարդներ անսալով այդ կանչին, գացին հոն իրենց կարելիութուններն ու գիտելիքները ի սպաս դրին հայրենիքին, նաեւ իրենց արիւնը միախառնելով հայրենի սուրբ հողին` իրենց նահատակութեամբ։
♦♦♦
13 Հոկտեմբեր 1990 թուականին, երբ վերջ գտաւ պատերազմը (տակաւին կը շարունակուի թէ զինուորական, թէ՛ այլ ձեւերով), մենք չհաւատացինք. աւելի ճիշդ ասած` չուզեցինք հաւատալ (չէինք ուզեր հաւատալ)։ Մի զարմանաք, եթէ ըսեմ, թէ չէինք ուզեր, որ պատերազմը աւարտէր. ինչու՞, քանի մեր սերունդը պատերազմի մէջ հասակ առած ու ապրած էր, եւ հետեւաբար պատերազմէ դուրս իրավիճակ մը անբնական կը թուէր մեզ. հաւատացէք, թէ կը հրճուէինք ռումբերու եւ հրացանաձգութեան ձայներէն. անտրամադիր կ՛ըլլայինք, երբ քանի մը օրով կռուող կողմերը զինադադար կնքէին. այդ ձայները մեր առօրեան էին եւ մեր ականջին «սիրելի» նուագը։ Պատերազմի դադրեցումով կարծէք աշխարհը փուլ եկաւ, ու մենք մնացինք շուարած։ Իրար հարց կու տայինք,- հիմա ի՞նչ, ամէն բան վերջացա՞ւ. կամ,- ալ ակումբ գիշերել եւ պահակութիւն ընել չկա՞յ. կամ թէ,- քալաշնիքով-ը պիտի չշալկէին այլեւս եւ նման զանազան ու զարմանալի (՞) հարցումներ ու մտքեր։
Այո՛, սիրելի ընթերցող, այդպէս կը մտածէինք եւ կը մտածենք տակաւին, որովհետեւ մեր սերունդը միայն պատերազմ տեսաւ ու դեռեւս կը շարունակէ տեսնել։ Հոս յիշեմ, թէ կարգ լիբանանցիներ պատերազմի աւարտին ետք յաճախ կ՛երթային հարաւային Լիբանան, լսելու համար հրթիռներու ձայները, քանի այդտեղ պատերազմը կը շարունակուէր, որ աւարտեցաւ 2000 թուականի Մայիս ամսուն, երբ իսրայէլեան բանակը քաշուեցաւ այդ շրջաններէն։
♦♦♦
Իսկ հիմա, երբ Լիբանանի մէջ ատեն ատեն մանր մարտեր տեղի կ՛ունենան կարգ մը քաղաքներու կամ շրջաններու մէջ, մենք տակաւին կը … հրճուինք։ Սա մեր ապրած հոգեվիճակն է։
♦♦♦
Մեկնաբանութիւնը կը թողում ձեզ. դուք եզրակացուցէք, որ ճի՞շդ է մեր մտածելու եղանակը, թէ սխալ. կամ եթէ այլ կարծիքներ կան։ Կրնայ ըլլալ, որ զէնքի (զէնքի հասկացողութիւն) հանդէպ մեր սէրն է պատճառը. հաւանաբար (՞)։
Բարի ու խաղաղ օր բոլորին։
ԿԻՐՕ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Պէյրութ, Լիբանան 22/11/2013