ԲՅՈՒՐԱՎՈՐ ՈՒ ԱՆՇԻՐԻՄ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՀԻՇԱՏԱԿԻՆ
ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳԸ
Հաղթանակի գիշերն է այս տօնական.
-Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին։
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական.
-Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին:
Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով.
-Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին։
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով.
-Հա՛րս, բեր ճրագը շեմին։
Բայց… սայլին վրայ արի՞ւն
եւ սո՞ւգ բեռցեր են…
-Հա՛րս, ճրագը ասդի՛ն երկարէ։
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն.
-Ա՜խ, հա՛րս, ճրագըդ մարէ՜…