Language:

  • Հայերեն
  • Русский
  • English

ԵՒ Կ’ԱՊՐԻՍ ԴՈՒՆ



ԵՒ Կ’ԱՊՐԻՍ ԴՈՒՆԹԱՄԱՐ ԱԶԱՐ

Ծնած եմ Հալեպ՝ 1983-ին: Հաճախած եմ Ազգ. Կյուլպենկյան վարժարան, ապա Ազգ. Քարեն Եփփե ճեմարան: Արժանացած եմ Աստուածաբանության վկայագրին:Պաշտոնավարած եմ Ազգ. Կյուլպենկյան վարժարանեն ներս՝ որպես հայերեն լեզվի ուսուցիչ: Առիթ ունեցած եմ գրական փորձերես հրատարակել Հալեպի «Գանձասար» եւ Բեյրութի «Ազդակ» թերթերուն մեջ:

 

ԵՒ Կ’ԱՊՐԻՍ ԴՈՒՆ

 

Եւ կ’ապրիս դուն

Շարունակական ոճով իմ մէջ

Մխրճուելով,

Առօրեայ օդին, հողին

Ու խառն բնոյթին մէջը կեանքի…

Եւ կ’ապրիս դուն

Հոգիիս մէջ սաւառնելով,

Կեանք խնկացող երազներուս՝

խորհուրդներուս,

Հայացքներուս մէջը անվերջ…

Դո՛ւն, որ սիրոյ երգը սարքելով

Կամուրջ հանդիսացար

Երազներուս մէջը մանկական…

Երգեցիր յոյսը,

Որոնելով սէրը յաճախ,

Պատմութեանդ մէջը աննման…

Եւ կ’ապրիս դուն

Արժանի կենաց բաժակին

Միշտ անհուն…

Եւ ինչպէ՞ս կրնան սպաննել քեզ

Մինչ թարմ են հողերդ

անմահական զոհերու շունչովը աննկուն…

Դո՛ւն իմ քաղցրահա՛մ

Ինչպէ՞ս կրնամ անուանել քեզ

Որեւէ անուն…

Բարձր ես դուն

Խոստացուած հայացքներու

Հայելիին մէջը անվերջ…

Երազներուս մէջ հիւսուած

Այդ կամարը

Ափսոսանք մը չէ՛ր,

Ա՛յլ, յաղթութիւն…

Անմահ ես դուն մեր իրականութեան մէջ

Անսպառ…

Եւ կը մնաս դուն

Դիտելով փառքդ լուսաւոր,

Ուր կը պարեն մեր սրտերը

Հողերուդ վրայ եթերային,

Երգելով հաւատարմութեան

Սուրբ երգդ անվախճանելի…

Դուն ի՛մ մայր,

Ի՛մ հայրենիք,

Յաւե՛րժ կ’ապրիս դուն…

Խորագիր՝ #34 (1154) 07.09.2016 - 13.09.2016, Հոգևոր-մշակութային


07/09/2016