ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Այսօր մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիները եւ պահ մը մեզ բոլորս կը տեղափոխէ այն լերան բարձունքներուն վրայ, ուր կազմուեցան մեր հոյակապ աւանդութիւններն ու մղուեցան հերոսական մարտերը:
Պապենական մեր բնօրրանէն հեռու, այսօր հաւաքուած ենք այստեղ` մայր հայրենիքի սրբազան հողին վրայ, նշելու պատմականօրէն հպարտառիթ եւ հոգեբանօրէն անկիւնադարձային Մուսա լերան հերոսամարտին 100-ամեակը:
Սրտի անհուն բերկրանքով ձեզի կբերեմ սփիւռքի հեռավոր գաղթօճախներուն մէջ կայք հաստատած, ինչպես նաև Հայաստանի մուսալեռցի մեր քոյրերուն և եղբայրներուն ողջոյնները ու բոլորին անունով կը շնորհավորեմ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-րդ տարեդարձին փառապանծ տօնակատարութիւնը:
Մենք կը հաւատանք, թե հոյակերտ և վեհաշուք, վերանորոգված այս յուշակոթողին ընդմէջէն համայն հայութեան նոր սերունդներուն պիտի փոխանցուին մեր պապերու հերոսական յաղթանակներն ու ազգային տոհմիկ աւանդութիւնները, որպէսզի անոնց հոգիներն ու գոյատեւելու կամքը մնայ անյաղթ եւ միայն Եղեռնի հոգեցունց պատկերներով չթուլնան ու չտկարանան անոնք, այլ` քալեն յաւերժութեան եւ յաղթութեան ճանապարհներէն մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ 1915 թուականի հայոց մահասարսուռ ու մթագնած երկնակամարին վրայ պիտի ծագէր հերոսապատումի պայծառ արեւը:
Ո՞վ կրնար պատկերացնել, թէ անցնող դարասկիզբի հայոց պատմութիւնը լեցնող եղեռնագործ եւ արիւնալի դէպքերը պիտի ունենային նաեւ իրենց փայլատակումներու ադամանդեայ վայրկեանները. Մուսա լեռ, Սասուն, Վան, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ բազում մեծ եւ փոքր գիւղեր կեանքի ու մահուան պատմութիւնը հերոսներու արիւնով փորագրեցին յաւերժութեան ապառաժեայ ճակատին, անգամ մը եւս հաստատելու, թէ հրաշքներ կրնան գործել ցեղի մը առիւծասիրտ եւ ազատատենչ զաւակները, երբ ազատութեան ոգին վառ է ու նուիրումը` անսակարկ:
Այո՜, Մուսա լերան առիւծասիրտ զաւակները, վստահած իրենց պապենական սրբազան լերան, գերմարդկային քաջութեամբ, 1915 թուականի Եղեռնի համատարած սուգին մէջէն, գալիք սերունդներու յիշողութեան, հայոց պատմութեան մատեաններուն եւ միջազգային քաղաքական շրջանակներու գիտակցութեան մէջ դրոշմեցին յաղթանակի անջնջելի էջեր: Մուսա լերան խիզախ զաւակներուն մարտնչումները ցնցեցին նաեւ ամբողջ արեւմտեան աշխարհն ու Եւրոպան, եւ այդ ճշմարտութիւնները փաստարկող վկան դարձաւ օտարազգի գրագէտ Ֆրանց Վերֆելը, որուն «Մուսա լերան 40 օրերը» խորագիրով լայնածաւալ վէպը թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու, տակավի՜ն ներշնչելով օտարազգիները, ոգեւորելով նաեւ մեզ եւ բոլոր անոնք, որոնք օրհասական պահերուն հաւատքի եւ կամքի ուժին վստահած` յաղթանակներ նուաճեցին, հերոսապատումներ կերտեցին:
Մուսա լերան հերոսամարտը այսօր 100-տարիներու հեռաւորութիւն մը արձանագրած է արդէն: Մենք կը յիշատակենք Մուսա լերը ոչ միայն անցեալը պանծացնելու, այլեւ` դէպի ապագայ շարժելու եւ արժանավայել կեանք ապահովելու մեր գալիք սերունդներուն:
Սիրելիներ, հայրենիքի մէջ կազմակերպուած այս պատկառելի եւ փառապանծ ձեռնարկը նոր պարտաւորութիւններ կը դնէ նաեւ մեզ վրայ` զսպանակելու մեր ճիգերը, միասնականութեամբ զօրավիգ կանգնելու վերանկախացած Հայաստանի պետականութեան, Արցախ աշխարհին ու մեր խիզախ ժողովուրդին:
Մենք կը հաւատանք, որ Մուսա լերը անցեալ ըլլալէ աւելի, ապրող ներկայութիւն է եւ դէպի լուսապայծառ ու հոյակերտ ապագայ առաջնորդող ապրում: Եկէք այսօր, լիցքաւորուած անցեալի աւանդութիւններով ու հերոսապատումներով, մեր հոգիներուն մէջ անմար պահենք Մուսա լերան պանծալի բարձունքներուն վրայ մեր նահատակներուն վառած կրակը եւ անոր ճառագայթումով առաջնորդուինք դէպի նոր հազարամեակներ ու զայն վերածենք ազգային մեր իղձերուն եւ հաւաքական մեր նպատակներուն իրագործման փարոսին:
Այո՛, սիրելիներ, հայ ժողովուրդը արժանի է յաւերժական ազատութեան եւ անկախութեան: Արժանի է ապրելու ազատ ու անկախ, իրաւունքի եւ յարգանքի սկզբունքներու վրայ կերտուած իր սեփական հողին` մայր հայրենիքի` Հայաստանի մէջ, որուն սահմանները դեռ չեն պարփակած Արեւմտահայաստանի նահանգները, Կիլիկիան, ամբողջական Հայաստանը` ամբողջական հայութեամբ:
Այսօր Մուսա լերան սրբացած 18 նահատակներու յաւիտենական կտակն է, որ համախմբած է մեզ բոլորս այստեղ` Մուսա լերան յուշահամալիրի բարձունքին վրայ: Այսօր Մուսա լերան հերոսածին զաւակները` Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հեռաւոր գաղութներուն մէջ 100-ամեակի տօնախմբութեանց ընդմէջէն կը խոնարհին բոլոր այն ազատամարտիկներուն յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքերը ընծայաբերեցին ազատագրական սրբազան խորանին եւ իրենց արիւնով գծեցին ու ընդարձակեցին Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները: Պատիւ եւ բիւր յարգանք ձեր անմոռաց յիշատակին, թանկագին տղաներ:
Սիրելի հայ ժողովուրդ, ժամանակը հասած է ցոյց տալու միասնական ոգիդ, ցոյց տալու յարատեւելու վճռակամութիւնդ եւ հաւատա, որ բռունցքդ պիտի դառնայ անյաղթ ու Հայ դատը 100-ամեակի անկիւնադարձային իր պահանջատիրական նոր հանգրուանով ի վերջոյ պիտի յանգի իր արդար լուծումին: Փա՛ռք, հազար փառք Մուսա լերան հերոսամարտին, հայ ազգի ազատութեան ճանապարհին մարտնչած ու հերոսական մահով նահատակուած բիւրաւոր հայորդիներուն, անկախութեան բագինին նուիրաբերուած յայտնի եւ անյայտ հազարաւոր ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքի միակ նպատակը դարձուցած էին ծառայել Հայրենիքին եւ արեան ու մահուան գնով հասնիլ հայ ժողովուրդի վեհ նպատակներուն՝ ազատ, անկախ, ամբողջականօրէն հայ ու ամբողջականօրէն միացեալ Հայաստանին:
Փա՛ռք ու պատիւ Մուսա լերան հերոսածին զաւակներուն,
Փա՛ռք անոնց թողած հերոսական կտակին,
Յաւե՛րժ կեցցեն Հայաստանն ու Արցախ աշխարհը հայոց:
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Խորագիր՝ #46 (1115) 26.11.2015 - 2.12.2015, Պատմության էջերից