Language:

  • Հայերեն
  • Русский
  • English

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԹԻԿՈՒՆՔԷՆ ԵՎ ԱՌԱՋՆԱԳԾԷՆ



Կարծէք հարսանիքի կերթային անոնք, հայրենիքի պաշտպանութեան հարսանիքին

 

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԹԻԿՈՒՆՔԷՆ ԵՎ ԱՌԱՋՆԱԳԾԷՆԱնբացատրելի էր իմ զգացումը, երբ իմացայ, թէ լիբանանցի լրագրողներու հետ պիտի մեկնէի Արցախ։ Արդարեւ, 6 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութէն հասանք Երեւան, լիբանանեան LBCI հեռուստաընկերութեան լրագրողին եւ նկարիչին հետ: Իմ ներկայութիւնը թարգմանական եւ աշխատանքներու համադրման համար էր:

Նոյն օրը` ապրիլի 6-ի առաւօտեան, այցելեցինք Երեւանի Նուպարաշէն շրջանին մէջ գտնուող կամաւորներու արձանագրութեան զորանոց: Հոս ականատես եղայ իսկապէս հպարտալի երեւոյթներու, ուր հարիւրաւորներ կու գային կամաւոր արձանագրուելու. երիտասարդներ, երեցներ, պատերազմի վեթերաններ, թէ ազատամարտիկներ. կու գային նոյնիսկ հաշմանդամներ. իրենց հոն բերողը հայրենիքի ու արեան կանչն էր, պարտականութեան գիտակցութիւնն ու հայրենիքը պաշտպանելու ե՛ւ պարտաւորութիւնը, ե՛ւ իրաւունքը. կու գային ուրախ, կարծէք հարսանիքի կերթային. այո՜, հարսանիքի կերթային անոնք, կերթային հայրենիքի պաշտպանութեան հարսանիքին:

Կամաւոր արձանագրուելու եկողներուն մէջ կար նաեւ պարագայ մըն ալ, որ եկած էին հայր ու որդի. Աստուած իմ, իսկական հարսանիք, եւ ես շշնջալով փառք կու տայի, որ ծնած եմ հայ. հակառակ պարտադրաբար սփիւռքի մէջ ծնած ըլլալու, եղած եմ, մնացած եմ եւ պիտի մնամ հայ, եւ ոչ թէ աշխարհաքաղաքացի. հպարտ եմ. հպարտ եմ մեր զինուորներով, կամաւորներով, ազատամարտիկներով, ժողովուրդով եւ Երկրով: Հպարտ եմ, որ յաղթանակած ազգի զաւակ եմ. հպարտ եմ ամէն բանով, որ հայկական է:

Երբ կամաւորներուն հարց կու տայի, թէ ի՞նչն է զիրենք կամաւոր արձանագրուելու մղողը, բոլորին պատասխանը միանշանակ մէկ էր, թէ` Արցախը Հայաստան է եւ վե՜րջ. մենք կը կռուինք Հայաստանի համար, մեր պատուի եւ երեխաներու համար, որպէսզի անոնք խաղաղ, հանգիստ եւ անհոգ ապրին:

Բոլոր կամաւորները արդէն ինձ հարազատ էին. առանց զիրար ճանչնալու բնազդաբար կողջագուրուէինք, կը զրուցէինք եւ իրար դարդ ու հալ կը հարցնէինք, իբր երկա՛ր տարիներու բարեկամներ եւ հարազատներ. այո՜, սիրելի զինուորներ, դուք իմ հարազատներն էք:

♦♦♦

Նոյն օրը` ապրիլի 6-ի կէսօրէ ետք, հասանք Արցախի մայրաքաղաք` Ստեփանակերտ եւ անմիջապէս ուղղուեցանք արտգործնախարարութիւն` ստանալու համար առաջնագիծ երթալու յատուկ արտօնագիր: Աւելի ուշ մեր կատարելիք աշխատանքները համադրեցինք ԼՂՀ-ի նախագահի մամլոյ խօսնակ տիար Դաւիթ Պապայեանի հետ:

Օրը երեկոյեացաւ, եւ քանի դեռեւս պատրաստի լրագրութիւն չունէինք, որոշեցինք, որ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ուղղակի սփռումով LBCI-ի ակնդիրներուն փոխանցենք պատերազմական վիճակի մասին տեղեկութիւններ: Առ այդ հարցազրոյցներ ունեցանք հայրենակիցներու հետ, որոնք լիբանանցի ունկնդիրներուն փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները. բոլորը համաձայն էին այն կէտին շուրջ, թէ, հակառակ պատերազմական վիճակին, կեանքը կընթանար բնականոն:

Յաջորդ օրը` ապրիլի 7-ին, պատկան մարմիններու կարգադրութեամբ շուրջ ժամը 11:00-ին, զինուորականներու եւ այլ թղթակիցներու ու լրագրողներու ընկերակցութեամբ, ինքնաշարժներու շարասիւնով ճամբայ ելանք դէպի Մարտունի եւ այցելեցինք առաջնագծի կարգ մը դիրքեր, ուր նաեւ հարցազրոյցներ ունեցանք զինուորականներու հետ:

Այստեղ, արդէն իսկ իմ յագեցած հպարտութիւնը յաւելեալ լիցքաւորուեցաւ, երբ ականատես եղայ, թէ հակառակ կացութեան վտանգաւոր ըլլալուն, սպաներու եւ զինուորներու տրամադրութիւնը բարձր էր. բոլորի դէմքին անկեղծ ժպիտ էր. անոնց մարտական ոգին գերազանց էր:

Մեր գտնուած վայրէն, Լիբանանի մէջ գործող «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի միջոցաւ եւ ուղիղ եթերով Լիբանանահայ մեր հայրենակիցները մասնակից եղան իմ տպաւորութիւններուն:

Վերադարձին դիրքերուն մօտ հանդիպեցանք երիտասարդ հողագործի մը, որ զբաղած էր արտի աշխատանքներով, կանգ առինք եւ հարց տուինք, թէ` նման վտանգաւոր տեղ ինչպէ՞ս կաշխատի. ան պատասխանեց, որ սա իմ հողն է, ես չաշխատիմ, հապա ո՞վ պիտի աշխատի. աւելցուց թէ՝ ինքն ապահով կը զգայ, քանի մեր զինուորները կը հսկեն ու կը պաշտպանեն, վերջացնելով, ըսաւ` եթէ պէտք ըլլայ, ապա ես ինքս ալ կը կռուիմ. բարեմաղթութիւններ փոխանցեցինք եւ մեր ճամբան շարունակեցինք. ետ նայեցայ, ան անհոգ իր աշխատանքը կը շարունակէր:

♦♦♦

…Եւ Ստեփանակերտի մէջ կեանքը բնական կը շարունակուէր:

Նկատելի էր, որ Արցախի պատանիներու դէմքի վրայ եւս ժպիտ կար. անոնք անտեղեակ չէին. անոնք գիտէին եւ կը հասկնային պատերազմը, սակայն հանգիստ էին, քանի վստահ էին, որ իրենց պաշտպանողներ կան, յանձինս հայ զինուորին:

Նոյն օրը երեկոյեան ականատես եղանք թշնամական երկու անօդաչու սարքերու թռիչքին. կէս ժամ ետք, հայկական հակաօդայիններու կրակոցներու արդիւնքով վար առնուեցան եւ վերածուեցան սոսկ անպէտք երկաթակոյտի:

Ապրիլի 8-ի կանուխ առաւօտեան վերադարձանք Երեւան եւ նոյն օրը կէս գիշերին արդէն Պէյրութ էինք:

Ես աւելի ՀԱՅ էի:

♦♦♦

Ապրիլի 11-ին վերադարձայ … Երեւան. իմ համեստ մասնակցութիւնը բերի Հայաստանի մէջ Արցախի օժանդակութեան համար ընթացք առած համընդհանուր աշխատանքներուն, որուն կը մասնակցէին համարեայ բոլորը:

♦♦♦

Աւարտեմ լիբանանցի լրագրողի խօսքով. «Պատերազմի ատեն ամէն մարդ կը փախի տուեալ երկրէն, ես հոս` Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ հակառակը տեսայ, թէ ինչպէս մարդիկ կերթան հակառակ` պատերազմի ուղղութեամբ»: Վերջացուց՝ ըսելով. «Երանի՜ լիբանանցիք այսպէս ըլլային»:

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան եւ օժանդակեցին մեր աշխատանքներու յաջողութեան:

Անփորձանք ծառայութիւն, սիրելի՛ եւ հարազատ զինուորներ:

Փա՛ռք ու պատիւ նահատակներուն եւ ողջ հերոսներուն:

Կեցցէ՛ Հայկական Բանակը:

 

Կիրօ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Պէյրութ, 13 մայիս 2016

Խորագիր՝ #18 (1138) 18.05.2016 - 24.05.2016, Բանակ և հասարակություն, Ուշադրության կենտրոնում


19/05/2016